2016-12-13 10:19:00

Վատիկանի մէջ համերգ` Պանկիի մանկաբուժարանին օժանդակութիւն մատուցելու նպատակով։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ շաբաթ` 17 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան 8,30-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ նախատեսուած է բարեսիրական  ''Avrai – Պիտի ունենաս'' բնաբանով համերգ մը,  որուն նպատակն է Կեդրոնական Ափրիկէի մայրաքաղաք Պանկիի մէջ իրագործել բարեսիրական ծրագիրներ որոնց շարքին մանկական հիւանդանոցի վերանորոգումը ինչպէս նաեւ օգնութիւն մատուցել  վերջերս կեդրոնական Իտալիան հարուածող երկրաշարժի զոհերուն։

Համերգին ելոյթ կ՛ունենայ Իտալացի հռչակաւոր ու սիրուած երգիչ Քլուատիօ Պալիոնին որ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին նշեց թէ համերգի գաղափարը ծնունդ առած է Ֆրանչիսկոս Պապին մէկ առաջարկէն, երբ ան այցելած է Պանկիի Մանկաբուժարանը եւ ականատես եղած է կառոյցի ճգնաժամային իրավիճակին։

Քլաուտիօ Պալիոնի ապա յայտնած է թէ ի տես նաեւ իտալիան հարուածած ահեղ երկրաշարժին պատճառած աւերներուն ու տեղահանումներէն` որոշուեցաւ ձեռնարկը նուիրել նաեւ այդ շրջանի զոհերուն։

Անդրադառնալով համերգի բնաբանին '' Avrai – Պիտի ունենաս'' որ է նաեւ Քլաուտիօ Պալիոնիի երգերու մէկ տիտղոսը, երգիչը յայտնեց թէ այդ երգը ինք նուիրած էր իր զաւկին ծննդեան, որուն մէջ անոր կը մաղթէ ամէն բարիք ու միեւնոյն ատեն խոստումներ, եւ խոստումներու ընդմէջէն նաեւ յոյսեր։ Ահա այդ յոյսն է որ կ՛ուզենք  ու դէպի ապագայի տեսլականն է որ կ՛ուզենք փոխանցել մեր այս ձեռնարկով յայտնած է Քլաուտիօ Պալիոնին։








All the contents on this site are copyrighted ©.